2013-06-29 12:23:31

Անգարայի Մէջ Բախում` Ցուցարարներուն Եւ Ոստիկանութեան Միջեւ


«Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ թրքական ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործեց` ցրուելու համար Տիքմեն թաղամասին մէջ հաւաքուած հարիւրաւոր ցուցարարները: Ոստիկանութիւնը չորս անձեր ձերբակալեց:
Մինչ այդ, Պոլսոյ կառավարիչ Հիւսէյն Աւնի Մութլու յայտնեց, որ Թաքսիմի Կեզի հանրապարտէզը, որ շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր փակ կը մնայ, քանի մը օրէն հանրութեան առջեւ պիտի վերաբացուի, երբ քաղաքապետարանը իր աշխատանքը աւարտէ:
Մութլու ըսաւ, որ հասարակութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի կարենայ հանրապարտէզ երթալ:







All the contents on this site are copyrighted ©.